top of page

ՄԵՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

«Բարեւ» կեդրոնը կը ծաւալէ կրթական, մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հետապնդելով հանդերձ յատուկ նպատակներ, կը նոյնանան «Բարեւ» կեդրոնի հիմնական առաքելութիւններուն։
«Բարեւ»ի Գործունէութեան Ոլորտները-բաժինները
-Սասուն պարախումբ
-Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարան
-Բարեւ Երիտասարդական -Լուսաբեմ թատերախումբ -Հայրենիք
-Կոլֆի Կոմիտէ
Եթէ կը ծրագրես մաս կազմել նշուած խմբաւորումներէն մէկուն, կը խնդրենք կապ հաստատել մեզի հետ։ Կազմակերպութիւնը սիրայօժար կ՛ընդունի նոր անդամներ եւ կամաւորներ։

ՍԱՍՈՒՆ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ

Սասուն պարախումբը կը գործէ 2004 թուականէն ի վեր, հովանաւորութեամբ գանատահայոց Փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Սեւակ Աւագեանի, օգնական ղեկավար եւ տարազներու համակարգող՝ Սարին Աւագեանի։
Սասուն պարախումբը ելոյթներ կ՛ունենայ տարեկան դրութեամբ, որոնց առընթեր մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ տարբեր ձեռնարկներու, ներկայացնելով հայկական աւանդական եւ տարբեր մշակոյթի յատուկ պարեր։
Պարախումբը մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ մշակութային տարբեր տեսակի ձեռնարկներու եւ զանազան նկարահանումներու։ Air Canada Centre –ի մէջ CNE–ի միջազգային բեմահարթակին վրայ մաս կազմած է Raptor's-ի խաղի բացման։ Մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ ծրագիրներու , ինչպէս Հայաստանի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Նիւ Եորքի եւ Աւստրալիոյ մէջ։

Պարախումբը պատիւը ունեցած է իր բաժինը բերելու համաշխարհային ճանաչում ունեցող արուեստագէտ երգիչներու հետ ինչպէս՝ Սիլվա Յակոբեան, Ինկա եւ Անոյշ Արշակեաններ, Մօնիքա Նազարեան, Ռուբէն Սասունցի, Ռաիսա Մկրտչեան եւ ուրիշներ։
Խումբի փորձերը կը սկսին Սեպտեմբեր ամսուն եւ կ՛աւարտին Յունիսին տարեկան ելոյթով։ Սասուն պարախումբին կրնան մասնակցիլ 8-13 տարեկան փոքրերը եւ 14 տարեկանէն մեծ պատանիներն ու երիտասարդները։ Մանրամասնութիւններու համար կրնաք կապուիլ մեզի հետ։

  • Facebook - Black Circle
  • Instagram - Black Circle
  • YouTube - Black Circle

Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՄԵՍՐՈՊ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

  • Facebook - Black Circle
  • Instagram - Black Circle
  • Flickr - Black Circle

Շաբաթօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1956 թուականին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ։ Ան կը համարուի Թորոնթոյի ամենահին դպրոցը, ուր կը դասաւանդուի հայերէն։ Դպրոցի տեսլականն է ստեղծել այն միջավայրը, ուր երեխաները հնարաւորութիւն ունենան մօտէն ճանչնալու իրենց հայկական ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը, սերտեն իրենց հայկական մշակութային արժէքները, ինչպէս՝ կրօն, Հայոց պատմութիւն, արուեստ, գրականութիւն եւ երաժշտութիւն եւ այս բոլորը՝ ուսուցման հայերէն ծրագիրի ընդմէջէն։ Դասաւանդուած ծրագիրը հայեցի դաստիարակութեան միջոցով կը նպաստէ պահպանելու Հայ հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը, եւ կը պատրաստէ համայնքի ապագայի ղեկավարները, որոնք հպարտ պիտի զգան իրենց պատկանելութեամբ եւ իրենք ալ իրենց կարգին պիտի նպաստեն հայ համայնքին ու ընկերութեան։
Վերջին հինգ տարիներուն դպրոցի աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճելով հասած է մօտաւորապէս 300- 350-ի։
Դպրոցը կը գործէ մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ դասարան ( 3-13 տարեկան)։

Դպրոցը ունի նաեւ յաւելեալ վեց դասարաններ, ուր աշակերտները կը սորվին արեւելահայերէն։
(2018-2019 տարեշրանին վարժարանը ունեցաւ նաեւ 9-րդ կարգի յատուկ մասնաբաժին մը, ուր երկրորդական կարգի աշակերտներ կրնան մասնակցիլ, ստանալ credit եւ պատրաստուիլ համալսարանական կրթութեան։

 ԲԱՐԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

Բարեւ Երիտասարդականը հիմնուած է 2017-ին «Բարեւ» կեդրոնի հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք, կազմակերպելով ընկերային, մշակութային, կրթական եւ երիտասարդական ծրագիրներ։ Կազմուելէ կարճ ժամանակ անց Բարեւ Երիտասարդականը ամսական դրութեամբ կազմակերպած է Games Night, Movie Night, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տարեկան Ծաղկազարդի ճաշկերոյթը եւ տարեկան Ski trip ը։
Բարեւ Երիտասարդականն ու կեդրոնը համատեղ ջանքերով կը ձգտին ներգրաւել գանատահայ համայնքի նոր անդամներ, որոնք կը փափաքին կապ հաստատել սփիւռքի մէջ ապրող այլ հայ երիտասադներու հետ։
Եթէ դուք ալ ունիք ցանկութիւնը միանալու մեզի, կը խնդրենք կապուիլ մեզի հետ։

Բարեւ երիտասարդական յանձնախումբի անդամներն են.-
Նարէ Շահմուրատեան

Արտաւազդ Մաչքալյան

Արին Մարտրոսեան

Արեն Զարգարեան

Օշին Մանուկեան

Արազ Թոքճեան
Ատենապետ
Փոխ ատենապետ
Ատենադպիր Գանձապահ Խորհրդական
Խորհրդական

Սեդա Տէր Օհաննէսեան Խորհրդական

Սասուն Իսաղոլեան Խորհրդական
 

  • Facebook - Black Circle
  • Instagram - Black Circle
  • Flickr - Black Circle

LOUSAPEM THEATRE GROUP

  • Facebook - Black Circle

HAYRENIQ

  • Facebook - Black Circle

ANNUAL GOLF
COMMITTEE

  • Facebook - Black Circle
bottom of page